2017-01-03 11:13:00

Կարդինալ Զենարի` 2017 տարին կարող է շրջադարձային տարի հանդիսանալ Սուրիիոյ համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 30 դեկտեմբերին Սուրիոյ մէջ հաստատուած զինադադարը կը մնայ դիւրաբեկ սակայն յոյսով կը դիտուին Խազախիստանի մէջ կայանալիք խաղաղութեան բանակցութիւնները։ Այս առընչութեամբ Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ` կարդինալ Մարիօ Զենարի, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, հաստատած է թէ զինադադարը յոյսի նշոյլ մըն է բնակչութեան համար, շեշտելով թէ ''անհրաժեշտ է սակայն յոյսը պահպանել''։

Ակնարկելով  միջազգային հասարակութեան ճիգերուն ու ՄԱԿ-իԱպահովութեան Խորհուրդի վերջերս որդեգրած բանաձեւերուն­, Կարդինալ Զենարի յոյս յայտնած է որ այդ մէկը օժանդակէ փոփոխութեան մը­, ու 2017 տարին  ըլլայ իսկապէս շրջադարձային, թէեւ` դիտել տուած է Պապական Նուիրակը, շատ բան կայ ընելիք ու առաջին հերթին հարկաւոր է կասեցնել բռնութիւնը։

''Ժամանակն է դարմանելու վէրքերը, ըլլայ ֆիզիկական, ըլլայ յատկապէս հոգեկան'' հաստատած է Ծիրանաւորը մաղթանք յայտնելով որ յոյսի սերմերը ծլին ու աճին ու շուտով պարգեւեն հաշտութեան ու խաղաղութեան պտուղներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.